Նորութիւններ Արցախէն Մէկը Ձերբակալեցին՝ Երեսունը Եկան
*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Լափշինի գործէն ետք մտավախութիւններ կային, թէ արդեօք ատիկա չ’անդրադառնա՞ր լրագրողներու Արցախ այցելութեան վիճակագրութեան վրայ: Ազդեց, սակայն, Պաքուի պատկերացուցածին ու սպասածին տրամագծօրէն հակառակ ձեւով: Մէկ կողմէն նոյնինքն Լափշինի գործը՝ Արցախի նկատմամբ հետաքրքրութեան լրացուցիչ բաժին ապահովեց, միւս կողմէն ալ, շատ լրագրողներ նոյնինքն Լափշինին իրենց համերաշխութիւնը յայտնելու ձեւ կը համարեն Արցախ գալը: Այս ամէնուն հաշուարկով` արդէն զարմանալի չի թուիր, որ «Արցախակերտում» հասարակական կազմակերպութեան եւ Արցախի լրագրողներու միութեան նախաձեռնած պլոկըրներու (օրագրողներու) միջազգային համաժողովին մասնակցելու համար 11 երկրէ 30 պլոկըր-լրագրող ժամանած է Ստեփանակերտ:
«Կը մեկնիմ Արցախ». այս վերնագրով արձանագրութիւնը Անտոն Նոսիգի պլոկին մէջ յայտնուեցաւ Մարտ 18-ին: Ռուսիոյ քաղաքացի իսրայէլցին, այդ արձանագրութեան մէջ Ազրպէյճանի հասցէին բաւական խիստ արտայայտուած է` պետութեան ծնունդը ընդհանրապէս պատմական սխալ որակելով: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները անմիջապէս արձագանգեցին: «Մենք դեռ Ստեփանակերտի ճանապարհին էինք, իսկ Ազրպէյճանի մէջ շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակումներ կային, հասարակական ցանցերու մէջ կարգին աղմուկ կար»,- կը մանրամասնէ լրատուական դաշտի փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան:
Ինքը` պլոկըր Անտոն Նոսիգը, Ստեփանակերտ հասաւ արձանագրութենէն մէկ օր ետք: Իսկ Մարտ 20-ին, արդէն լրագրողներու հարցերուն կը պատասխանէր` նաեւ իր արձանագրութեան առիթով Ազրպէյճանի մէջ բարձրացած աղմուկին մասով. «Կան վարչաձեւեր, որոնք կ’ընդունին միայն սեփական կարծիքը: Իսկ այլ կարծիք ունեցողը կարելի է բանտարկել, պատժել: Ես այդ վարչաձեւերուն հետ գործ չունիմ: Բայց անոնց հետ հաշուի նստելու ալ չեմ պատրաստուիր: Եթէ կ’ուզէին վախցնել, չյաջողեցան»:
Նոսիգը միայնակ չէ եկած: «Արցախակերտում» հասարակական կազմակերպութեան եւ Արցախի լրագրողներու միութեան հրաւէրով՝ 11 երկրէ 30 պլոկըր ժամանած են Արցախ` ե՛ւ ծանօթանալու, ե՛ւ պլոկոսֆէրայի առաջ ծառացած մարտահրաւէրները քննարկելու: Եկած են Ռուսիայէն, Իսրայէլէն, Չեխիայէն, Ֆրանսայէն, Ալժերիայէն: Նոյնիսկ Պելառուսիայէն մասնակից կայ: Լրագրողներուն հարցը` չի՞ վախնար, որ իրեն ալ արտայանձնեն Ազրպէյճանին, կ’ընդունի իբրեւ ակնարկ` Լափշինի գործին մասին: «Ես ալ ճանապարհորդ եմ եւ լաւ կը պատկերացնեմ, որ վատ է նման մեծ խաղի մէջ խաղաքար դառնալ: Այդ խաղը մեր երկրի միջազգային դիմագիծին շատ վատ անդրադարձաւ: Առաւել եւս, որ ոչ մէկ քարիւղ ալ չստացանք: Այսինքն` պարտուեցանք բոլոր առումներով,- չի թաքցներ Պելառուսիան ներկայացնող պլոկըր Ալեքսանդր Հոյշէքը: «Իբրեւ պելառուս ժողովուրդի ներկայացուցիչ, միայն կրնամ ներողութիւն խնդրել: Թէկուզ եւ, հասկնալի է, մենք չէինք որոշողը: Ժողովուրդը դէմ էր իշխանութեան այդ որոշման»:
Համաժողովին կը մասնակցին նաեւ հայաստանեան եւ արցախեան պլոկըրներն ու լրատուական դաշտի փորձագէտները: Քաղաքագէտ Հրաչեայ Արզումանեան խօսած է նոր ժամանակներու լրատուական ոլորտի նոր հնարաւորութիւններուն մասին եւ հակամարտութիւններու լուսաբանման հարցով անոնց դերին, Արցախի տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահուերտեան` Արցախի զբօսաշրջային ներուժին: Պլոկըրներէն շատերը առաջին անգամ է Արցախ կու գան: Կը սպասէին տեսնել աւերուած, աղքատ երկիր: Մանաւանդ, մէկ տարի առաջ ալ Ապրիլեան պատերազմն էր: «Բայց ատոր փոխարէն տեսանք գեղեցիկ երկիր: Խնամուած ու գեղեցիկ, բազմաթիւ նորակառոյցներով: Իմ կարծիքով, Ստեփանակերտը անգամ աւելի խնամուած է քան Երեւանն ու Թիֆլիսը», զարմանքը չի թաքցներ Անտոն Նոսիգը:
Արցախ այցելած պլոկըրները եղած են տեսարժան վայրեր, ԹՈՒՄՕ կեդրոն, պատերազմէն աւերուած, բայց արդէն վերականգնուող Թալիշ, առաջնագիծ:
Լաւ գիտեն, որ ասոր համար կրնան յայտնուիլ Պաքուի սեւ ցուցակին մէջ: Իրենց այցը նաեւ ազատ տեղաշարժի եւ ազատ խօսքի պաշտպանութեան ցոյց կը համարեն: Այդ ոգիով Արցախ ժամանած միջազգային պլոկըրները նաեւ տարածած են համատեղ յայտարարութիւն: Իսկ զբօսաշրջիկներուն կոչ կ’ընեն գալու եւ վայելելու Արցախի գրաւչութիւնները՝ մարդոց հիւրասիրութիւնը, հարուստ ու բազմազան ճարտարապետութիւնը, խոհանոցը: Առաջին օրինակը իրենք պիտի տան: Համատեղ այցէն ետք՝ պլոկըրներէն շատերը կը ծրագրեն Արցախ գալ անհատական այցով՝ իբրեւ զբօսաշրջիկ:
Ստեփանակերտ
Leave a Reply
Լրահոս
-
16.09.2020
Մասնագիտական խումբը բազմակողմանի կգնահատի կորոնավիրուսի ախտորոշման
-
10.08.2020
Լիբանանի կառավարությունը պատրաստվում է հրաժարական տալ
-
10.08.2020
Սևրի պամանագիրը պատմական փաստ է, մեր պարտքն է հիշել այն, և պահպանել նրա
-
10.08.2020
Պուտինը շնորհավորել Է Լուկաշենկոյին նախագահի պաշտոնում վերընտրվելու
-
10.08.2020
Զարեհ Սինանյանը Բեյրութում հանդիպել է Լիբանանի հայկական լրատվամիջոցների
-
10.08.2020
Թեհրանի հայկական եկեղեցում հոգեհանգստի կարգ է մատուցվել Բեյրութի պայթյունի
-
10.08.2020
Սևրի պայմանագրով Թուրքիան ընդունել է երիտթուրքական կառավարության
-
10.08.2020
ՀՀ վարչապետը շնորհավորել է Ալեքսանդր Լուկաշենկոյին Բելառուսի նախագահի
-
10.08.2020
Զարեհ Սինանյանը հանդիպել է Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդի հետ
-
10.08.2020
Կոսովոյում խաղաղապահ առաքելություն իրականացնող հայկական զորախումբը հանձնել

