Ընտրութիւն, Ընտիր Եւ Երկընտրանք…
*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
Սա մեր աշխարհին մէջ, ամէն շաբաթ ու ամէն օր, գրեթէ տեւաբար, ընտրութիւններ կան։ Տեղ մը՝ նախագահական ընտրութիւն, այլ տեղ մը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Տեղ մը՝ նահանգային, ուրիշ տեղ մը՝ թաղապետական ընտրութիւններ։
Ազգային գետնի վրայ ալ նոյն է։ Ընտրութիւններ՝ ամէն գոյնի ու մակարդակի, բոլո՛ր գաղութներուն մէջ, բոլո՜ր ակումբներու եւ միութիւններու երդիքին տակ։ Հոն՝ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւն, հոս՝ Գործադիր Մարմինի։ Այստեղ՝ թեմական ընտրութիւն, այնտեղ՝ պատգամաւորական։
Բայց հիմնականն ու էականը «ընտրական գործընթաց»ին նկատմամբ ցուցաբերուած պարկեշտութիւնն է, որովհետեւ ամէն «ընտրութիւն» ընտրութիւն չէ՜…։ Տեղ մը՝ ժողովրդավար թափանցիկ ընտրութիւն է, ուրիշ տեղ մը՝ խաբուսիկ, ձեւական, խաբէակա՛ն ընտրութիւն է…։
Ընտրութիւննե՜ր…
Իրաւասու չեմ քննութեան ենթարկելու «սնտուկներու աշխարհ»ին անիմանալի խորհուրդները։ Չեմ ալ բաղձար վերլուծումներ կատարել ու…մատներս այրել։ Ատոր փոխարէն, պիտի ուզէի պահ մը ձեր ազնիւ ուշադրութիւնը հրաւիրել «ընտրութիւն» բառին կազմութեան վրայ։
ԸՆՏՐԵԼ եւ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ բառերուն արմատը «ընտիր»ն է։
«Ընտիր» կը նշանակէ նոյնանմաններուն մէջ լաւագոյնը, ամէնէն բարձրորակը, գերազանցը։ Օրինակ, կ՛ըսենք՝ «Այս կերպասը շատ ընտիր է»։ Կամ՝ «Ընտիր գինի խմեցինք»։
Հետեւաբար, «ընտրութիւն»ը ընտրելու գործողութիւնն է, նոյնանմաններուն մէջէն լաւագոյնը նախադասելու ու զայն ջոկելու արարքը։
Վատիկանի մէջ կարտինալները կը մէկտեղուին ու Կ՛ԸՆՏՐԵՆ նոր պապը։
Ժողովուրդները Կ՛ԸՆՏՐԵՆ իրենց քաղաքական կամ ազգային ղեկավարները։
«Ընտրել», «ընտրուիլ» եւ «ընտրութիւն»։ Ծանօթ բառեր են ասոնք, որոնք մեր առօրեային մաս կը կազմեն։
Բայց որեւէ «ընտրութիւն» իր հետ անխուսափելիօրէն կը բերէ երկու հաւանականութիւն՝ կա՛մ յաղթանակ, կա՛մ պարտութիւն։ Երանի՜ յաղթողին, որ պահ մը պիտի վայելէ ընտրութեան առթած գինովութիւնը…։
Եթէ բառարան բանանք՝ հոն ամբողջ ցանկ մը պիտի տեսնենք «ընտիր» բառարմատով կազմուած բառերու, որոնցմէ ոմանք մտերիմ են մեզի, բայց աւելի շատերը՝ նուազ գործածական են, մասնաւորաբար ժողովրդային շրջանակներու մօտ։
Օրինակ՝ ՀԱՏԸՆՏԻՐ։ Անոնք որոնք սիրահար են գիրքերու եւ կþախորժին տան մէջ գրադարան կազմելէ, գիտե՛ն թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հատընտիր»։ Գրողի մը գործերուն մէջէն հատ-հատ ընտրուած լաւագոյն էջերու ժողովածու։ Կþըսենք՝ «Վազգէն Շուշանեանի մէկ հատընտիրը հրատարակուած է Երեւանի մէջ»։
Կայ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ բառն ալ, գործածական եւ գեղեցիկ։ Բառարաններուն մէջ չգտայ թէեւ, բայց կրնամ վստահեցնել որ «այլընտրանք» կը նշանակէ «տարբեր ընտրութիւն մը կատարելու կարելիութիւն»։ Կ՛ըսենք՝ «Այլընտրանքի մը դիմաց կանգնած եմ. գաղթե՞մ, թէ՞ մնամ»…։
Նոյն ձեւով կազմուած է նաեւ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔը։ Այսինքն՝ երկու դժուար պարագաներէն մէկը ընտրելու պարտադրանքը։ Կ՛ըսենք՝ «Վարդանանք երկընտրանքի առջեւ էին։ Կա՛մ հպատակիլ պարսից արքայի կամքին, կա՛մ բանտ առաջնորդուիլ»։
Դեռ կան նոյն խմորէն շինուած տասնեակ մը սիրուն բառեր, որոնցմէ մին ալ «ԸՆՏՐԱՆԻ» բառն է (ընտիր մարդոց խումբ)։ Երբ դասախօսական ձեռնարկի մը քիչ թիւով մարդիկ ներկայ գտնուին, ճարպիկ լրագրողներ իրենց թերթին մէջ կը գրեն որ «կոկիկ բայց ընտրանի բազմութիւն մը կար սրահին մէջ»…։
Ու այդ ձեւով՝ կը մխիթարեն իրենք զիրենք…։
Հալէպ
Leave a Reply
Լրահոս
-
16.09.2020
Մասնագիտական խումբը բազմակողմանի կգնահատի կորոնավիրուսի ախտորոշման
-
10.08.2020
Լիբանանի կառավարությունը պատրաստվում է հրաժարական տալ
-
10.08.2020
Սևրի պամանագիրը պատմական փաստ է, մեր պարտքն է հիշել այն, և պահպանել նրա
-
10.08.2020
Պուտինը շնորհավորել Է Լուկաշենկոյին նախագահի պաշտոնում վերընտրվելու
-
10.08.2020
Զարեհ Սինանյանը Բեյրութում հանդիպել է Լիբանանի հայկական լրատվամիջոցների
-
10.08.2020
Թեհրանի հայկական եկեղեցում հոգեհանգստի կարգ է մատուցվել Բեյրութի պայթյունի
-
10.08.2020
Սևրի պայմանագրով Թուրքիան ընդունել է երիտթուրքական կառավարության
-
10.08.2020
ՀՀ վարչապետը շնորհավորել է Ալեքսանդր Լուկաշենկոյին Բելառուսի նախագահի
-
10.08.2020
Զարեհ Սինանյանը հանդիպել է Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդի հետ
-
10.08.2020
Կոսովոյում խաղաղապահ առաքելություն իրականացնող հայկական զորախումբը հանձնել

