• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հանդիպում ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Սերխիոյ Նահապետեանի հետ

26.09.2016   19:48

Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակի առթիւ Հայաստան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիոյ Նահապետեան հանդիպում մը ունեցաւ Հայրենաբնակ Ռամկավար ԱզատականԿուսակցութեան անդամներու հետ: Հանդիպումը կայացաւ Երեւանի Թէքէեան կեդրոնի ՌԱԿ-ի նոր գրասենեակը:

Հանդիպման ընթացքին Ընկ. Ատենապետը անդամներուն  ներկայացուց այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումները, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան վերջին շրջանի տարած գործունէութիւններն ու   յառաջիկայ ծրագիրները: Քննարկուեցան նաեւ ՌԱԿ-ի Երեւանի նոր գրասենեակէն ներս տարուելիք աշխատանքները:

Ընկ. Սերխիոյ Նահապետեան ՌԱԿ ԿեդրոնականՎարչութեան անունով ողջունեց վերջին ամիսներուն Երեւանի մէջ սկիզբ առած ՌԱԿ Միրաք Պատանեկան-Ուսանողական շարժումին աշխոյժ գործունէութիւնը՝ յայտնելով իր գնահատանքն ու աջակցութիւնը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր