• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Մկրտիչ Մսըրլեանին Նուիրուած Գիրքի Շնորհահանդէսին, Ընկեր Սեւակ Յակոբեանի Բացման Խօսքը

23.09.2016   07:20

Մարդկային Պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, նախախնամութիւնը մեզի կը ղրկէ մարդիկ, որոնց դրօշմը այդ ժամանակշրջանի պատմութեան վրայ եւ ունեցած դրական ազդեցութիւնը կամ պիտանելիութիւնը իր պատկանած մարդկային ընկերութեան վրայ մեծ կ՛ըլլայ: Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մեծեր»էն կ՛ըլլան անոնք ի հակադրութիւն «միւսներ»ուն…:

Անցեալ դարաշրջանի կիսուն ապրած եւ գործած այդ մեծերու հոյլին կը պատկանի ընկեր Մկրտիչ Մսըրլեան:

Աւելի գործող, քան` խօսող: Տեսլապաշտ, սակայն գործնական անձնաւորութիւն մը, որուն դրօշմը շատ խոր եղած է մեր կազմակերպութեան Լիբանանի եւ ոչ միայն Լիբանանի շրջանակին մէջ:

Մկրտիչ Մսըրլեանին լուռ  աշխատանքին կը պարտինք մեր շատ մը կառոյցներն ու հաստատութիւնները, որոնց շարքին է նաեւ «Զարթօնք»ը: Եթէ մեծանուն Տամատեան եւ Թէքէեան «Զարթօնք»ի հիմնադրութեան շրջանին եղած են թերթին  միտքը, Մըսրլեան այդ միտքին հայթաթած է կենսական թթուածինը իր մեծահոգի նուիրատուութիւններով:

Մկրտիչ Մըսրլեան իր ազգային-քաղաքական խոր դրօշմ ունեցող գործունէութիւններուն եւ մեզի ձգած իր աւանդին զուգահեռ Հայ ազգին պարգեւած է նաեւ արժանաւոր զաւակներ, որոնցմէ՝ բոլորիս ծանօթ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, որ մեզի հասցուցած է Մկրտիչ Մըսրլեանի կեանքին ու գործին նուիրուած այսօրուայ մեր Շնորհահանդէսին նիւթը հանդիսացող հատորը:

Հակառակ կենսագրական գործերու հասկնալի ենթակայութեան`  subjectivity եւ մեծանուն Հայուն կենսաբանական զաւակը ըլլալու զգացական իրավիճակին՝ Դոկտ. Մսըրլեան միշտ հաւատարիմ իր անաչառ պատմաբանի սկզբունքին, ամենաառարկայնօրէն մեզի ներկայացուցած է իր հօր՝ մեր ղեկավար ընկերոջ կեանքն ու գործը, որուն համար մենք  ամբողջ կազմակերպութեամբ հանդերձ  երախտապարտ ենք իրեն:

 

Այս անզուգական հատորը այսօր մեզի պիտի ներկայացնէ մեր սրտամօտիկ ընկեր՝ Յովիկ Էօրտէքեանը, որ քանի մը շաբաթ առաջ հայրենիքի մէջ «Զարթօնք»ի կազմակերպած շնորհահանդէսին զայն ներկայացնելէ ետք, Երեւանէն յատուկ ժամանած է Պէյրութ՝ մեզի եւս ներկայացնելու զայն: Ընկեր Էօրտէքեանը Երեւանի մէջ արժանաւոր փոխ-տնօրէնն է Հայրենիքի մէջ գործող ՀԲԸՄ-ին, ինչպէս նաեւ կարեւոր պաշտօն մը կը վարէ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Լիբանանի դեսպանատան մէջ: Սակայն կայ ամենակարեւորը: Ընկեր Էօրտէքեան ՌԱԿ-ի այն անյայտ հաւատաւոր զինուորն է, կուսակցութեանս դիմագրաւած այս ոչ փայլուն օրերուն, որ լուռ կ՛աշխատի զայն ամուր եւ անսասան պահելու:

Բեմը իրեն յանձնելէս առաջ ունիմ յայտարարութիւն մը, որուն մտայղացումին եւ գործադրութեան մաս կը կազմէ ընկեր Յովիկը: Դոկտ. Մսըրլեան մենք այսօր եւ ձեր արտօնութեամբ կ՛ուզենք սրբագրել տարիներու բացթողում մը: Մենք մեր կողքին դրած ձեր մեծանուն հօր այս նկարը մեր խմբագրատան մէջ յետայսու իր արժանի տեղը պիտի զետեղենք:

Ունիմ նաեւ երկրորդ յայտարարութիւն մը: Ընկեր Մսըրլեանի կեանքին նուիրուած այս հատորին բովանդակութենէն իմացանք, որ ան իր կատարած շատ մը նախաձեռնութիւններու շարքին ատենին հաստատած է «Զարթօնքի Գրական Մրցանակ»: Մենք այսօր այս առիթով եւ այս բեմէն Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանի արտօնութեամբ, «Զարթօնք»ի մրցանակը պիտի վերահաստատենք, որպէս «Զարթօնքի Մկրտիչ Մսըրլեան Մրցանակ» տարեկան հետեւողականութեամբ զայն նուիրելու «Զարթօնք»ի աշխատակիցներէն տուեալ տարուայ լաւագոյնին. Մրցանակին դատական մարմնի պատասխանատու նշանակելով Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը:

Վերջապէս շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր