• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Միրաք»Ը Խոստմնալից Քայլերով Կը Շարունակէ Իր Յառաջընթացը

16.09.2016   07:35

Կիրակի 11 Սեպտեմբեր 2016-ին, ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման կիրակնօրեայ հանդիպումը կայացաւ Երեւանի «Թէքէեան կեդրոն»էն ներս: Կիրակնօրեայ ծրագիրը բաղկացած էր երկու մասէ: Առաջին բաժնին մէջ, պիտի ներկայացուէր 28 Օգոստոսին իրականացուցած ՝ «նկարչութիւն բնութեան գիրկը» միջոցառման արդիւնքները՝ լաւագոյն գործերու հեղինակները, որու համար յատուկ հրաւիուած էր՝  Սուրիահայ գաղութէն ներս 20 տարիներէ աւելի նկարչական եւ մշակութային ոլորտի մէջ մեծ վաստակ ունեցող, ՀԲԸՄ-ի «Սարեան» աքատեմիայի եւ  հայկական ասեղնագործութեան նուիրուած հաստափոր հատորներու հեղինակ՝ Պրն. Հրազդան Թոքմաճեանը. իսկ ծրագրի երկրորդ բաժինը յատկացուած էր առանձին տարիքային խումբերու ուսուցողական-զբաղմունքային խաղերուն, եւ ընդհանուր զարգացման մրցումին:

Հաւաքին ներկայ եղաւ Արցախի ՌԱԿ-ի ատենապետ եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Բարդող Գալստեանը, նոյնպէս ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկհ. Ճէնի Գրիգորեան- Բասեղանը, ինչպէս նաեւ յարգելի ընկերներ՝  Տոքթ. Ճորճ Բասեղեանն ու Տիգրան Չալեանը:

Պրն. Հրազդան Թոքմաճեան, որ նախապէս ծանօթացած էր նկարչական աշխատանքներուն եւ ընտրած լաւագոյնները, նախքան զանոնք ներկայացնելը, նշեց, որ բոլորին գործերը գնահատելի էին, եւ  յորդորեց անդամութեան յաճախ մասնակցիլ նման միջոցառումներու, մատնանշելով անոր կարեւոր դերը՝ անհատի աշխարհաճանաչողութեան եւ աշխարհաընկալման կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ . ան մասնաւորապէս նշեց, որ նկաչութեան փորձեր կատարելը արհասարակ շատ կարեւոր է, անկախ թէ տուեալ անձը այնուհետեւ նկարիչ կը դառնայ , թէ ոչ, որովհետեւ նկարչութիւնը մարդուն կ’օգնէ նոյն առարկային տարբեր տեսանկիւնէ նայիլ եւ մեկնաբանել, ինչը մարդկային շատ դրական յատկանիշ է՝ անկախ անձի մասնագիտութենէն: Ապա Պրն. Հրազդան  առանձնացնելով իր արուեստագէտի դատողութեամբ լաւագոյնը հանդիսացող գործերը, նշեց այդ գործերու առանձանայատկութիւնները: Լաւագոյն աշխատանքներն էին Իննա Ասատրեանի, Վարուժան Յարութիւնեանի եւ Թամարա Խորշուտեան գործերը, որոնք որպէս գնահատանք՝ խորհրդանշական նուէրներ ստացան. պարգեաւատրուեցան նաեւ նախորդող հաւաքներուն աշխոյժ մասնակցութիւն բերող 5 անդամուհիներ:

Այնուհետեւ Պրն. Հրազդան Թոքմաճեան, հակիրճ -ուսուցողական դասախօսութիւն մը ներկայացուց հայ արուեստի պատմութեան մասին, հնադարեան որմնանկարչութենէն սկսեալ,  ձեռագրերու մէջ ներկայացուած մանրանկարչութիւններէն , մինչեւ վերջին դարերու եւ ներկայի մեր յայտնի նկարիչները, շեշտելով, որ նկարչական բնագաւառէ ներս նման հարուստ ժառանգութիւն ունեցող ազգի զաւակը եթէ ոտք դնէ այդ բնագաւառ, շատ աւելի դիւրութեամբ առաջ կ’երթայ, որովհետեւ ան իր սլացքին օժանդակող հարուստ ժառանգութիւն ունի, բան մը, որմէ զուրկ են շատ մը այլ ազգեր:

IMG-20160911-WA0003

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր