• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Լիբանանի Շրջանակի 60-րդ Պատգամաւորական Ժողով

15.09.2016   07:35

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային 60-րդ Պատգամաւորական ժողովը  տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2016-ին, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, Ժըմմէյզի, Պէյրութ:

Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ կուսակցութեանս Լիբանանի շրջանակի բոլոր բնագաւառներու մէջ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը եւ Հայ Դատի ու հայկական պահանջատիրութեան հետ առնչուած խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ:

Ժողովը արձանագրեց նաեւ, որ Ռ.Ա.Կ.-ի Լիբանանի  շրջանակի առաջադրանքն է Լիբանանի անկախութեան պահպանումն ու պետականութեան զօրաւոր հիմերու վրայ հաստատումը, որոնք կ’երաշխաւորեն երկրին հողային ամբողջականութիւնը, համայնքային համակեցութիւնը եւ ներքին ապահովութեան պահպանումը, ինչպէս  նաեւ տնտեսական հաւասարակշռուած բարգաւաճումն ու ընկերային արդարութիւնը:

Ժողովը անգամ մը եւս հաստատեց, որ Ռ.Ա.Կ.-ի քաղաքական գործունէութեան հիմնական   առանցքը կը հանդիսանայ լիբանանահայութեան խաղաղ ու անվտանգ գոյութեան պահպանումը եւ հայապահպանման ու Հայ Դատի աշխատանքներուն գործնական հետապնդումը: Այս ուղղութեամբ ՌԱԿ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը հաստատեց, թէ ներազգային ճակատի վրայ Ռ.Ա.Կ.-ը նախանձախնդիր է լիբանանահայ համայնքին միասնականութեան առաւել ամրապնդման, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնական ճակատով դիմագրաւել Լիբանանահայութեան սպառնացող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները:

Ներ-ազգային ընդհանուր կեանքը եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ու անոր  ուղեկից շարժումներուն աշխոյժ եւ նպատակաուղղուած գործունէութիւնը՝ դարձան հիմնական օրակարգի նիւթեր: Լիբանանահայութեան ներկայ մարտահրաւէրները դիմակալելու, կենսունակութիւնը երաշխաւորելու եւ Լիբանանեան սփիւռքի ապագայի նկատմամբ ժողովուրդին վստահութեան գործօնը ամրապնդելու առումով, Ռ.Ա.Կ. Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը որդեգրեց շարք մը որոշումներ:

Պատգամաւորական ժողովը լուսարձակի տակ առաւ ներքին կազմակերպչական հարցերը  խորապէս ուսումնասիրելով զանոնք: Ժողովը պարտականութիւն տուաւ պատգամաւորական ժողովէն բխելիք ՌԱԿ Լիբանանի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան, հիմնուելով օրուայ իրավիճակին եւ պահանջներուն վրայ՝ ամենաշուտ առիթով  պարտն ու պատշաճը տնօրինելու՝ վերակազմաւորելու ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանակի ներքին կառոյցը:

Ժողովը անհրաժեշտ գտաւ ներկայ ժամանակներուն եւ պայմաններուն յարմարելով, նորահաս սերունդին մօտենալ իրենց իսկ միջոցներով՝ անոնց ջամբելու ազգային, գաղափարական եւ քաղաքական դաստիարակութիւն, զարկ տալով ուսանողական ու երիտասարդական շարժումներու աշխատանքներու աշխուժացման:

Ժողովը որոշեց ճիգ չխնայել հասնելու համար սուրիահայ մեր եղբայրներուն ամէն տեսակի կարիքներուն:

Ժողովը մեծապէս քաջալերեց այն աշխատանքները, որոնք օրերս կը կատարուին ի խնդիր ՌԱԿ-ի միասնութեան, ամէն պարագայի աչալուրջ հանդիսանալով անխախտ պահել ՌԱԿ-ի աւանդական օրինապահութիւնը, հաւատարիմ մնալով ընթացիկ տարուայ Գարնան ընտրուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան  Կեդրոնական Վարչութեան:

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային 60-րդ Պատգամաւորական ժողովի մասնակից պատգամաւորները,  միաձայնութեամբ ընտրեցին ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի Դատական Ատեանը կազմուած հետեւեալ ընկերներէն՝ Սեւակ Յակոբեան, Էտի Կոստանեան, Ճէքի Տէրվիշեան, Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան եւ Արմէն Վայէճեան, ինչպէս նաեւ Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային նոր վարչութիւնը բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Միքայէլ Վայէճեան, Տոքթ. Յակոբ Փափազեան, Լեւոն Բարսեղեան, Սեդրակ Քիւրէճեան, Վարդիվառ Եալմանեան, Գրիգոր Նազարեան, Վիգէն Թոսունեան, Գրիգոր Մկըրեան, Արա Թերզեան եւ Արա Գոյունեան:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութիւնը շրջանակս պիտի ղեկավարէ յառաջիկայ երկու տարիներուն:

Ի Դիմաց՝

Ռ.Ա.Կ 60-րդ Պատգամաւորական Ժողովի

          Արա Թէրզեան                                                    Յակոբ Գասարճեան

Օրուայ Դիւանի Ատենադպիր                                     Օրուայ Դիւանի Ատենապետ

10 Սեպտեմբեր 2016

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր