• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Շնորհահանդէս ՌԱԿ-ի Երախտաւորներէն՝ Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային Քաղաքական Գործունէութեան Նուիրուած Գիրքին

11.09.2016   22:06

Երէկ՝ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահը ժամադրավայրն էր ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի բարեկամներու, ինչպէս նաեւ «ՄԿՐՏԻՉ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ Ազգային-Քաղաքական Գործունէութիւնը» հատորին հեղինակ՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի գործը բարձր գնահատող հանրութեան, որոնք եկած էին գիրքի շնորհահանդէսին, ի ներկայութեան Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանի, գլխաւորելով դեսպանատան անձնակազմը, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի պատասխանատու ընկերներու եւ ընկերուհիներու:

Շնորհահանդէսին բացումը կատարեց «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր ընկեր Սեւակ Յակոբեան: Ան ՌԱԿ-ի մեծ երախտաւորը ներկայացուց հետեւեալ բառերով. «Մարդկային Պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, նախախնամութիւնը մեզի կը ղրկէ մարդիկ, որոնց դրոշմը այդ ժամանակաշրջանի պատմութեան, ինչպէս նաեւ ունեցած դրական ազդեցութիւնը կամ պիտանելիութիւնը իր պատկանած մարդկային ընկերութեան վրայ մեծ կ՛ըլլայ: Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մեծեր»էն կ՛ըլլան անոնք ի հակադրութիւն «միւսներ»ուն…: Անցեալ դարաշրջանի կիսուն ապրած եւ գործած այդ մեծերու հոյլին կը պատկանի ընկեր Մկրտիչ Մսըրլեան»:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ գիրքը ներկայացնելու համար Երեւանէն յատուկ Պէյրութ ժամանած ընկեր Յովիկ Էօրտէքեանը, որ համապարփակօրէն ներկայացուց գիրքը՝ վեր առնելով մեծ երախտաւորին անզուգական գործը, որ  մանրմասնօրէն ներկայացուած է գիրքին գլուխներուն մէջ:

Ընկեր Էօրտէքեանի ներկայացումէն ետք, պատմական կարեւորութիւն ունեցող այս հատորի հեղինակ, մեծ երախտաւորին արժանաւոր զաւակը՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, անձնական վկայութեամբ շատ կարեւոր դրուագներ ու յիշատակներ պատմելով մեծ երախտաւորին՝ իր հօր կեանքէն:

Վերջապէս կատարուեցաւ նորատիպ գիրքի մը շնորհահանդէսին յատուկ ծիսական գինեձօնը, ապա հեղինակը իր գիրքը մակագդրեց փափաքողներուն: Գիրքին հասոյթէն գոյացած գումարը յատկանշականօրէն նուիրուեցաւ «Զարթօնք»ի արխիւի թուայնացման ֆոնտին:

Մանրամասնութիւններուն  պիտի անդրադառնանք:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր